Bible

Transform

Your Worship Experience with Great Ease

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

1 Corinthians 4

:
Armenian - 2019
1 Հետեւաբար՝ պէտք է մեզ նկատէք Քրիստոսի սպասաւորները, իբրեւ մարդիկ՝ որոնց յանձնուած է Աստուծոյ ծածուկ ծրագիրին վերակացութիւնը։
2 Արդ, վերակացութիւն ընող մարդէ մը կը պահանջուի՝ հաւատարիմ ըլլալ։
3 Ուստի ինծի համար բնաւ նշանակութիւն չունի թէ դուք ի՛նչպէս կը դատէք զիս, կամ մարդիկ ի՛նչպէս կը դատեն։ Ես ինքզինքս ալ չեմ դատեր։
4 Խիղճս հանդարտ է, բայց ատով չեմ արդարանար հարկաւ, որովհետեւ Տէրն է որ զիս կը դատէ։
5 Ուստի դուք ալ ոեւէ մէկը մի՛ դատէք ժամանակէն առաջ, մինչեւ գայ Տէրը, որ մարդոց մութ գաղտնիքները լոյսին պիտի բերէ եւ երեւան պիտի հանէ միտքերուն մէջ ծածկուած խորհուրդները։ Ահա այն ատեն իւրաքանչիւրը Աստուծմէ պիտի ստանայ արժանի գովասանքը։
6 Եղբայրնե՛ր, ձեզի համար ինքզինքս եւ Ապողոսը օրինակ դարձուցի ըսածներուս, որպէսզի մեզմէ սորվիք չհպարտանալ, կամ ինչպէս առածը կ՚ըսէ՝ «Ոչինչ՝ գրուածէն անդին», եւ որպէսզի այնքան մը չպարծենաք մէկով՝ ուրիշ մը արհամարհելու չափ։
7 Ոեւէ մէկէն տարբեր բան մը չես. եւ եթէ Աստուծմէ առած ես՝ ինչո՞ւ կը պարծենաս, մէկու մը պէս՝ որ կը խորհի թէ Աստուծմէ բան առած չէ։
8 Կը կարծէք թէ արդէն ամէն ինչ ունի՞ք. կը կարծէք թէ արդէն հարստացա՞ծ էք, եւ առանց մեզի արդէն թագաւորեցի՞ք։ Երանի՜ թէ թագաւորութեան հասած ըլլայիք, որպէսզի մենք ալ ձեզի հետ թագաւորէինք։
9 Ինծի այնպէս կը թուի, թէ Աստուած մեզ՝ առաքեալներս մարդոց մէջ յետին դասեց, մահապարտներու պէս, եւ մենք տեսարան եղանք ամբողջ աշխարհին, թէ՛ հրեշտակներուն եւ թէ՛ մարդոց։
10 Մենք Քրիստոսի սիրոյն «յիմար» եղանք, իսկ դուք հազիւ Քրիստոսի միացած՝ իմաստո՞ւն եղաք. մենք՝ տկար, իսկ դուք՝ հզօ՞ր. մենք՝ անարգ, իսկ դուք փառաւո՞ր։
11 Մինչեւ օրս յաճախ անօթի ալ կը մնանք, ծարաւ ալ, կիսամերկ ալ. յաճախ ծեծի կ՚ենթարուինք, բնաւ մնայուն կայք չունինք,
12 եւ մեր հացն ալ սեփական աշխատանքով կը ճարենք։ Մարդիկ կը հայհոյե՞ն մեզի, մենք կ՚օրհնենք։ Կը հալածե՞ն մեզ, կը համբերենք։
13 Կը վարկաբեկե՞ն մեզ, մենք ազնուութեամբ կը պատասխանենք։ Ամբողջ աշխարհին նախատինքին թիրախ դարձանք եւ բոլորին անարգանքին առարկան եղանք մինչեւ օրս։
14 Այս բաները կը գրեմ՝ ո՛չ թէ ձեզ ամօթով ձգելու, այլ՝ խրատելու համար ձեզ, որպէս իմ սիրելի որդիներս։
15 Որովհետեւ նոյնիսկ եթէ բիւրաւոր դաստիարակներ ունենաք՝ ձեզ Քրիստոսի առաջնորդելու համար, բայց ինձմէ զատ հայր չէք կրնար ունենալ, որովհետեւ ե՛ս էի որ Աւետարանին քարոզութեամբ ձեզի հայր եղայ՝ որպէսզի Քրիստոս Յիսուսի պատկանիք։
16 Հետեւաբար, կը խնդրեմ ձեզմէ, ինծի նմանեցէք։
17 Ատոր համար ալ ձեզի ղրկեցի Տիրոջմով իմ սիրելի եւ հաւատարիմ որդիս՝ Տիմոթէոսը, որպէսզի ձեզի յիշեցնէ իմ սորվեցուցած սկզբունքներս, որոնք Քրիստոս Յիսուսի պատկանողներունը պէտք է ըլլան, ինչպէս ամէն տեղ բոլոր եկեղեցիներուն կը սորվեցնեմ։
18 Ձեզմէ ոմանք սկսեր են գոռոզանալ, խորհելով որ այլեւս ես չեմ գար ձեր մօտ։
19 Բայց շուտով պիտի գամ, եթէ Տէրը կամենայ, ո՛չ թէ այդ հպարտացած մարդոց խօսքերը լսելու, այլ անոնց զօրութիւնը տեսնելու համար։
20 Որովհետեւ Աստուծոյ արքայութիւնը խօսքով չէ որ ինքզինք կը յայտնէ մարդոց կեանքին մէջ, այլ՝ գործով։
21 Արդ, ի՞նչպէս կ՚ուզէք, գաւազանո՞վ գամ ձեզի, թէ սիրով եւ ազնուութեամբ։